Ատրպէյճանի մէջ Նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի հարցերով գագաթաժողովին (COP29) ընդառաջ՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պեն Քարտին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, ուր Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ որոշակի զիջումներու երթալու:
«COP29-ի նման մեծ միջազգային համաժողովի հիւրընկալումը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ ընդունող երկիրները թոյլ կու տան տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճանը ատիկա չէ ըրած»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
«Եթէ Ատրպէյճանը կը ձգտի կայուն յարաբերութիւններ հաստատելու եւրատլանտեան համայնքին հետ, ես կոչ կ’ընեմ նախագահ Ալիեւին ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարացիօրէն բանտարկուածները, այդ շարքին՝ հայ կալանաւորները եւ բնապահպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային փորձի եւ շրջակայ միջավայրի վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր իրականացուցած են»,- յայտնած է ԱՄՆ ծերակուտականը՝ շարունակելով․ «Նոյեմբերին կայանալիք COP29-ին ընդառաջ ես Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընեմ ցոյց տալու իր նուիրուածութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան` այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելով»։
Երէկ հայկական կողմը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցուող խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ գերիներու հարցը ներառուած չէ, այն ընդգրկուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ: Ասիկա 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ համաձայնեցուած միակ փաստաթուղթն է, որուն մէջ յստակ ամրագրուած է գերիներու վերադարձը, բայց նոյնիսկ այս պարագային հարցը լուծում չէ ստացած:
Պաշտօնական տուեալներով՝ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ 23 հայ գերի կը պահուի, անոնց շարքին Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ութ ներկայացուցիչները։