Գորիսի քաղաքապետը դատարանի այսօրուան որոշմամբ բանտարկուեցաւ մէկ տարի ութ ամիս ժամկէտով։ Առուշ Առուշանեանը, սակայն, պատիժի կրման վայր պիտի տեղափոխուի որոշումը ուժի մէջ մտնելէ յետոյ։ Մինչ այդ անոնք պիտի բողոքարկեն զայն Վերաքննիչ ատեան։
Առուշ Առուշանեանը բանտարկելու միջնորդութիւնը Գորիսի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան ներկայացուցած էր Փորձաշրջանի ծառայութիւնը՝ պնդելով, թէ Առուշանեանը չի հեռանար քաղաքապետի պաշտօնէն, ապա պէտք է բանտարկուի։
Դատարանը 2022 թուականին Առուշանեանը մեղաւոր ճանչցած էր պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, ինքնիրաւչութեան եւ դիտաւորութեամբ առողջութեան վնաս պատճառելու համար, վճիռը ուժի մէջ մտած էր այս տարուայ Յուլիսին։
Ըստ վճիռին՝ Առուշանեանը հինգ տարի ժամկէտով պէտք է չզբաղեցնէր համայնքապետի պաշտօնը։ Գորիսի աւագանին, սակայն, վերջերս մերժած էր կատարել դատարանին վճիռը՝ հիմնաւորելով, որ նման լիազօրութիւն չունի։ Փորձաշրջանի ծառայութիւնն ալ դիմած էր դատարան՝ խնդրելով հինգ տարիով պաշտօնը թողնելու պատիժը փոխարինել բանտարկութեամբ։