Ամերիկացի գոնկրէսականներն ու ծերակուտականները Հենսինքեան Յանձնաժողովի` Հայաստանին վերաբերող լսումներուն ողջունած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական շրջադարձը դէպի Արեւմուտք: Այս լսումներուն նախորդած էր Հելսինքեան յանձնաժողովի անդամ օրէնսդիրներու ճանաչողական այցը Հայաստան այս տարուայ Յուլիսին:
«Ծերակուտական Ուիքըրը, գոնկրէսական Ուիլսընը, ես եւ այցի մասնակից միւս օրէնսդիրները տպաւորուած էինք, թէ ինչպէս Հայաստանը փոխուած է համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ եւ ինչպէս անոնք կը պայքարին իրենց տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն դէմ»,- կ’ըսէ Հելսինքեան Յանձնաժողովի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի համանախագահ Պեն Քարտինը:
«Հայաստանի մէջ առկայ է ուժեղ եւ աճող հասարակական համախոհութիւն եւ ցանկութիւն թեքուելու դէպի Արեւմուտք, ամբողջապէս ընդունիլ ժողովրդավարական արժէքները, ազատ աշխարհի հետ համահունչ կառուցել ապագայ»,- կը պնդէ ԱՄՆ Հելսինքեան Յանձնաժողովի միւս համանախագահ, գոնկրէսական Ճօ Ուիլսընը, որ նաեւ կը հանդիսանայ ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ թրքական յանձնախումբի համանախագահը:
Ծերակուտական Քարտինը կը նկատէ՝ այս ճանապարհին, սակայն, Հայաստանը կ’առերեսուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն. Ատրպէյճանից եկող սպառնալիքը, Ռուսաստանի նման անյուսալի երկրի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ հետ փակ սահմանն ու յարաբերութիւններու չկարգաւորուած բնոյթը եւ տնտեսական բարդ իրավիճակը: