«Հայաստան-Իրան սահմանը խաղաղութեան ու բարեկամութեան սահման է, եւ որեւէ ուժ չի կարող այն խզել». այս մասին, ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը, ըսած է ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանիի հետ հանդիպման ընթացքին:
Ըստ X-ի մէջ կատարուած հրապարակման՝ ան ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը` միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան, որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան դէմ ըլլալու եւ հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու վերաբերեալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշման առնչութեամբ։
«Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը խաղաղութեան, բարեկամութեան ու խաղաղ համակեցութեան սահման է: Հայաստանը յատուկ կարեւորութիւն է տալիս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններին, եւ որեւէ ուժ չի կարող խզել Իրանի եւ Հայաստանի տարածքային կապը»,- ըսած է ան:
Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը, ընդգծած է, որ Հայաստանի տարածքին որեւէ ապաշրջափակում պիտի ըլլայ Հայաստանի ներքին հիմնարկներուն եւ անոր ազգային ու տարածքային ինքնիշխանութեան վերահսկողութեամբ: