Վանայ լիճի ամենամեծ կղզիին` Աղթամարի մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր Սուրբ պատարագ մատուցուած է։
Պատարագին մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, որ նախօրէին մեկնած էր Վան, հանդիպած Վանի նահանգապետին։
Մաշալեան նաեւ այցելած էր Վանի Վարագայ Սուրբ եկեղեցի, որ վնասուած էր երկրաշարժէն, եւ աղօթք հնչեցուցած էր այնտեղ:
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերակառուցումէն յետոյ թրքական կառավարութիւնը այնտեղ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու թոյլտուութիւն տուած է։ Առաջին անգամ պատարագ մատուցելու թոյլտուութիւն Թուրքիոյ կառավարութիւնը տուած է 100 տարի առաջ։ Սովորաբար այստեղ պատարագ կը մատուցուի Խաչվերացի տօնին նախորդող Կիրակին։