Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցած Մարզիկները

Փաշինեան Ընդունած Է Փարիզի Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցած Մարզիկները

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Հայաստանի հաւաքականի մարզիկները, անոնց մարզիչները եւ ֆետերասիոններու ղեկավարները:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն պատիւով ներկայացնելու համար եւ յաւելած, որ կառավարութիւնը փորձած է հնարաւորը ընել, որպէսզի յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծէ հաւաքականին համար` Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու առումով:

«Ի հարկէ, բոլորս յոյս ունէինք, որ մենք նաեւ ողիմպիական ոսկիներ կ’ունենանք, բայց մարմնամարզը մարմնամարզ է, եւ միշտ չէ, որ ցանկութիւններն իրականութիւն են դառնում: Մենք պէտք է ճիշդ վերաբերմունք ձեւաւորենք այս իրադրութեան նկատմամբ, վերլուծենք նախորդ շրջանում մեր կատարած աշխատանքը, հասկանանք՝ ի՞նչն է արդիւնաւէտ, ի՞նչն է պակաս արդիւնաւէտ, ի՞նչն ենք ճիշդ արել, ի՞նչը սխալ եւ պատրաստուենք յաջորդ Ողիմպիական խաղերին»,- նշած է վարչապետը՝ յաւելելով, որ յառաջիկային պիտի կատարուի վերլուծական աշխատանք՝ հետագայ ընելիքները աւելի ճշգրտեցնելու նպատակով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment