Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Պայմանագրի Բնագրին Մօտ 80 Տոկոսը Արդէն Համաձայնեցուած Է. Յոյսով Ենք՝ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կը Ստորագրուի». Ալիեւ

«Խաղաղութեան Պայմանագրի Բնագրին Մօտ 80 Տոկոսը Արդէն Համաձայնեցուած Է. Յոյսով Ենք՝ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կը Ստորագրուի». Ալիեւ

by MassisPost

«Մենք կրնանք խաղաղութեան հասնիլ Հարաւային Կովկասի մէջ: Մենք կը տեսնենք, որ ատիկա հնարաւոր է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքին»։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ատրպէյճանի դերը նոր աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ» Չեռնոպպիոյի միջազգային համագումարի նստաշրջանին ելոյթ ունենալով։

Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին մօտաւորապէս 80 տոկոսը արդէն համաձայնեցուած է, եւ աւելցուցած. «Մենք արդէն հասած ենք սահմանազատման, նոյնիսկ սահմանագծման գործընթացի գործարկման։ Այո՛, սա առաջին փոքր քայլն է՝ համաձայնեցուած է Հայաստանի հետ սահմանի ընդամէնը տասներեք քիլոմեթրնոց հատուածը՝ հազար քիլոմեթրնոց ընդհանուր երկարութենէն։ Այնուամենայնիւ, սա քայլ է ճիշդ ուղղութեամբ։ Մենք յոյսով ենք, որ խաղաղ բանակցութիւններու Ատրպէյճանի այս նախաձեռնութիւնը կը յանգեցնէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment