Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Դէմ Է, Որ Սիւնիքի Մէջ Հաղորդակցութիւնները Վերահսկեն Երրորդ Երկիրները. Որեւէ Վերահսկողութիւն Պէտք Է Իրականացուի Հայաստանի Կողմէ. Սոպհանի

Իրանը Դէմ Է, Որ Սիւնիքի Մէջ Հաղորդակցութիւնները Վերահսկեն Երրորդ Երկիրները. Որեւէ Վերահսկողութիւն Պէտք Է Իրականացուի Հայաստանի Կողմէ. Սոպհանի

by MassisPost

Թեհրանը դէմ է, որ Սիւնիքի մէջ հաղորդակցութիւնները վերահսկեն երրորդ երկիրներու ներկայացուցիչները, լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճան-Հայաստան-Նախիջեւան ապագայ հաղորդակցութիւնը վերահսկելու համար օտարերկրեայ մասնաւոր ընկերութիւններու ներգրաւման հնարաւորութիւնը։

Իրանի դեսպանին խօսքով՝ ՀՀ իշխանութիւններու յայտարարութեան համաձայն՝ սահմանային  կէտերուն վրայ վերահսկողութիւնը պիտի իրականացուի Հայաստանի լիազօր մարմիններուն կողմէ։

«Մենք կողմ ենք, որ ամէն ինչ ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ, որեւէ  վերահսկողութիւն ըլլայ Հայաստանի կողմէ: Մենք չենք աջակցիր… որ այստեղ ժամանեն այլ  երկիրներէ եւ փորձեն վերահսկողութիւն հաստատել կամ անվտանգութիւն ապահովել»,-ըսած է Սոպհանին:

Ան նշած է,  որ  այս  մասին կը  խօսին  նաեւ Հայաստանի  իշխանութիւնները՝  ամէն  ինչ  պիտի ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ։  Այսպիսով,  խօսքը  անվտանգութեան ապահովման հարցը ինչ-որ  միջազգային  ընկերութեան  փոխանցելու  մասին  չէ։ «Խօսքե այն մասին է, որ ինչ-որ  առեւտրային  ընկերութեան  ներկայացուցիչ  կրնայ  ներկայ ըլլալ բեռներու տեղափոխման ժամանակ: Ինծի փոխանցուած է, որ վերահսկողութիւնը, անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ»,- ըսած է Սոպհանին։

Հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած որեւէ սպառնալիք կամ սահմաններու վերագծում կարմիր գիծ է Իրանի համար, յայտնած է արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչին։

«Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը ոչ թէ սոսկ նախապատուութիւն են, այլ մեր ազգային անվտանգութեան հիմնասիւնը: Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն մեր հարեւաններուն տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած որեւէ սպառնալիք կամ սահմաններու վերագծում բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ է Իրանի համար», – գրած է Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը X-ի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment