Այն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ խախտուած մնալ, կը փաստեն նաեւ ռազմական փորձագէտները։
APRI Armenia-ի մէջ ռազմական վերլուծաբան եւ հետազօտող Լէոնիտ Ներսիսեան կ’ընդգծէ, որ Հայաստանը աշխուժօրէն գնումներու գործընթացը սկսած է 2022-էն յետոյ, այսինքն պատերազմէն երկու տարի անց միայն։ Իսկ զէնքի ձեռքբերումն ու անձնակազմի ուսուցումը ժամանակատար է։
«Կարեւոր է նշել, որ Ատրպէյճանը չի ուզում, որ այդ իրավիճակը փոխուի, ու իրենք էլ են աւելի մեծ գումարներ, քան Հայաստանը ծախսում ռազմական գնումների համար։ Իրենց ռազմական պիւտճէն գերազանցում է հայկականին։ Հայկականը 2024-ին 1,4 միլիառ տոլարին է մօտ, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 3,7 միլիառի մօտաւորապէս, 2 անգամ աւելի»,- ըսաւ Ներսիսեան:
Ռազմական փորձագէտը կը նշէ, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը ձեռք կը բերեն բարձր մակարդակի զէնք-զինամթերք՝ մեծամասամբ ՆԱԹՕ-ի չափանիշերուն համապատասխան։ Օրինակ՝ «Սեզար» հրետանային համակարգը, որ Հայաստանը կը գնէ Ֆրանսայէն, աւելի բարձր որակի է, քան այն, ինչ ձեռք կը բերէ Ատրպէյճանը Սերպիայէն եւ Սլովաքիայէն։ Բայց փոխարէնը Պաքուի կողմէ ձեռք բերուած մօտ մէկ միլիառ տոլարի արժողութեամբ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան «BARAK MX» համակարգերը աւելի բարձր արհեստագիտական մակարդակ ունին, քան «AKASH»-ները, որ Հայաստանը ձեռք կը բերէ Հնդկաստանէն։
Որքա՞ն ժամանակ դեռ անհրաժեշտ է, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խախտուած ռազմական հաւասարակշռութիւնը վերականգնուի։ APRI Armenia-ի ռազմական փորձագէտ Լէոնիտ Ներսիսեանի համոզմամբ՝ որոշ փոփոխութիւններ տեսանելի պիտի ըլլան 3-էն 4 տարի անց միայն։