Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կ’աւելցնէ Հայաստանին Տրամադրուող Ներդրումները

ԱՄՆ Կ’աւելցնէ Հայաստանին Տրամադրուող Ներդրումները

by MassisPost

ԱՄՆ-ն 130 միլիոն տոլարով կ’աւելցնէ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք ներդրումը՝ հասցնելով 250 միլիոն տոլարի։

«Յաւելեալ ֆինանսական յատկացումները կը նախատեսուի ուղղել արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման հաստատութենականացման, քաղաքացիական մասնակցութեան՝ յանուն ժողովրդավարական համախմբման, տնտեսական կառավարման ուժեղացման, թիրախային ոլորտներու մրցունակութեան բարձրացման, բնական պաշարներու կայուն կառավարման բարելաւման:

«Փոփոխութեան նախագիծի ստորագրում պիտի նպաստէ համաձայնագրով սահմանուած հիմնական նպատակներու իրականացման՝ արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման, ժողովրդավարական ձեռքբերումները պահպանելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութիւններով»,- նշուած է որոշման հիմնաւորումներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment