Արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան կը վստահեցնէ՝ Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ Ատրպէյճանի կապին համար՝ ճանապարհի վերահսկողութիւնը մասնաւոր ընկերութեան արտապատուիրակելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան սկզբունքը չի խախտուիր:
«Ընկերութիւնը կարող է ուղղակի սպասարկել», -«Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան՝ ըսաւ ան։
Վարչապետ Փաշինեան օրերս յայտնեց, թէ պատրաստ են ճանապարհ տրամադրելու Ատրպէյճանին՝ Նախիջեւանի հետ կապի համար` առանց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը կասկածի տակ դնելու: Իբրեւ տարբերակ Փաշինեան առաջին անգամ խօսեցաւ անվտանգութեան ապահովման գործառոյթը մասնաւոր պահնորդական կազմակերպութեան արտապատուիրակելու մասին։ Վարչապետը մանրամասնութիւններ չնշեց, միայն ըսաւ, թէ հայկական կողմին այս ընկալումը դրական կ’ընդունուի ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Մոսկուայի մէջ։
«Անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ գործառոյթներ կարող են իրականացնել նաեւ ՀՀ-ում արտօնագրուած գործունէութիւն ծաւալող, օրինակ, պահնորդական կազմակերպութիւններ»,- ըսած էր ան։
Արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը վստահեցուց՝ դեռ պարզ չէ, թէ ինչ պահնորդական կազմակերպութեան մասին է խօսքը, բայց պնդեց՝ մասնաւոր այդ կազմակերպութեան հետ ճանապարհին վերահսկողութիւն պէտք է իրականացնեն նաեւ Հայաստանի մաքսային եւ սահմանապահ ծառայողները: