Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի Հինգերորդ Տարելիցի Ոգեկոչում Եւ Չորրորդ Շքանշանի Տուչութիւն

Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի Հինգերորդ Տարելիցի Ոգեկոչում Եւ Չորրորդ Շքանշանի Տուչութիւն

by MassisPost

Գրի առաւ՝  ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

Կիրակի, Օգոստոս 25, 2024ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ եւ հոգեհանգիստ, հանգուցեալ Ցեղասպանագէտ Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ, մասնակցութեամբ Արարատ Տան էսքիճեան Թանգարանի, «Նոր Սերունդ», «Համազգային», «Իրանահայ», «Իրաքահայ» միութիւններու, Ազգային Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ընկերակցութեան (NAASR), «Խոստում»  Հայկական Հիմնարկի» (PAI) եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան:

Բացման խօսքը կատարեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Միութեան հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բոլոր մասնակից քոյր միութիւններուն, կազմակերպիչներուն, Պոլսահայ Միութեան նախկին ատենապետներուն եւ վարչականներուն, մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ այլ հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ու ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Փրօֆ. Տատրեանի ի յիշատակ, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանի ինչպէս նաեւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը:

Երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք ամպիոն հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավար՝ Մանուկ Սուրէն Աւետիքեանը, զաւակը՝ Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս եւ Սեդա Գուլակ Աւետիքեանի: Նշենք թէ Մանուկ Աւետիքեան շրջանաւարտ է Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն: Ան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ստացած է Մագիստրոսի կոչում եւ աշխատած է Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ եւ հայկական թերթերուն մէջ: Նշենք թէ Մանուկ Աւետիքեան նախապէս աշխատած է “Shoah” «Շօա» Հիմնարկին Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Վկայութիւններու որպէս Ցանկագրող:

Ներկայիս կ՛աշխատի “USC” «Գալիֆորնիայի պատմութիւնը հայկական փորձառութիւններու միջոցով» բանաւոր պատմութեան նախագծի և «Իմ հայկական պատմութիւնը» բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութեան մէջ:

Հանդիսավարը բարի գալուստ մաղթեց հանգուցեալ Փրօֆ. Տատրեանի հինգերորդ  տարելիցին  առթիւ բոլորին ներկայութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ ըսելով թէ՝ «Ասիկա իրադարձութիւն մըն է, որ կը փորձէ առաջ մղել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հասարակական և քաղաքականապէս ընդունուած ճշմարտութիւն դարձնելու ժառանգութիւնն ու կեանքի առաքելութիւնը և զարգացնել Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ​​դաշտը:

Կարևոր է նշել, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ծնած եւ հայկական դպրոցներուն մէջ ուսանած հայը, որ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, շատ յարմար էր ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կնքահայրերէն մին՝ հաշուի առնելով իր իմացած լեզուները և  հասակ առած ըլլալով  յետցեղասպանական շրջանակի մէջ:

Ան բեղմնաւոր դարձաւ իր բազմաթիւ հրապարակումներով և օգնեց ճանապարհ հարթել Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննիսեանի հետ նոր գիտնականներու սերունդի համար, որոնցմէ ամենակարևորն էր անոր նուիրուած ուսանող՝ Փրօֆ. Թանէր Աքչամը»:

Ապա հանդիսավարը երեք յաջողակ կանանց ներկայացուց խօսիլ, ընթերցելով առաջին զեկուցող՝ Արարատ Տան Էսքիճեան թանգարանի երակարամեայ եւ անխոնջ տնօրէնուհի՝ Մէկի Մանկասարեան Կօշինի հակիրճ կենսագրականը ու հրաւիրեց զայն իր խօսքը փոխանցել:

Մէկի Մանկասարեան Կօշին շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք մասնակցեցան այս միջոցառմանը։

Տկն. Մանկասարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ խօսեցաւ Փրօֆ. Տատրեանի դասախօսութիւններուն, անոր ակադեմական կեանքին, մատենադարանին, հրատարակչութիւններուն, գեղանկարչութիւններուն եւ ընտանեկան պատկերներուն մասին:

Նաեւ՝ գիւղին մասին, ուրկէ եկած է Տատրեանի ընտանիքը։ Տ. Կօշին, գիտակցելէ ետք թէ Տատրեան ոչ միայն կրած էր իր ընտանիքի սպին ու վէրքերը այլ՝, նաեւ  մեր ժողովուրդին, հետեւաբար, անոր տարբեր հայեացքով դիտած էր, ոչ թէ որպէս գիտնական, այլ՝ որպէս անհատ, այ՛ս էր Մանկասարեանի եզրակացութիւնը։

Զումով միացաւ  նաեւ Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան, ՄԷկի Մանկասարեան Կօշինին, այս միջոցառման իրեն մասնակից դարձնելնուն համար:

Դոկտ. Ալեքսանեան խօսեցաւ Փրօֆ. Տատրեանի արխիւին բովանդակութեան, կատարած ուսումնասիրութեան եւ ժամանակագրութեան մասին, թէ ինչպիսի նիւթեր կը պարունակէ ան եւ բնականաբար  արխիւին լեզուին մասին, յայտնելով թէ արխիւը հարուստ է բովանդակութեան եւ ժամանակագրութեան իմաստով: Ինչու՞, որովհետեւ Վահագն Տատրեանը նախ առաջին հայազգի ուսումնասիրող գիտնականներէն էր որ ակադեմական մակարդակով կատարեց եւ որ փորձեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը միւս բոլոր Ցեղասպանութիւններուն կողքին հիմքը դնելով համեմատական ցեղասպանագիտութեան: Փրօֆ. Տատրեանը այսպիսով բացի այս կարեւոր հարցէն, ուրիշ կարեւոր նորամտութիւն մըն ալ ըրած էր: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեսաւ եւ ըստ իրեն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն 1915-1918 թուականի իրադարձութիւններէն էր,  այլ՝ տեսնելով զայն որպէս  գործընթաց եւ ոչ միայն իրադարձութիւն: Դասախօսուհին յայտնեց նաեւ թէ չորրորդ թղթապանակին մէջ կան նիւթեր օսմանական փաստաթուղթերու մասին որ թարգմանուած են անգլերէնի եւ կը պարունակեն Ապտիւլ Համիտի հրամաններուն մասին: Վահագն Տատրեան հսկայական ժառանգութիւն ձգած է մեզի որ այսօր ֆիզիքապէս կը գտնուի Արարատ Տան էսքիճեան թանգարանի մէջ եւ շնորհիւ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի, Խոստում Հիմնարկի եւ Արարատ Տան ջանքերուն, պէտք է հասանելի դառնայ բոլորին եւ ըլլայ համացանցի հարթակին մէջ:

Յաջորդ բանախօսն էր Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանը որուն հակիրճ կենսագրականը ընթերցուելէ ետք միացաւ ան ներկաներուն՝ Զումի վրայ:

Դոկտ. Սահակեան մեծ պատիւ եւ շատ պարտաւորեալ համարեց ինքզինք ըլլալ այդ օրուան բանախօսներուն կարգին, մեծանուն գիտնական Փրօֆ. Տատրեանի յիշատակը ոգեկոչելու: Ան յայտնեց թէ շատ կարեւոր է մշտապէս վառ պահել մեծանուն գիտնականի յիշատակը եւ սերունդներուն փոխանցել անոր թողած գիտական վաստակը: Վահագն Տատրեանն էր որ հարթեց գիտական բարդ մայրուղի մը որուն արահետներով շարունակեցին եւ կը շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները մերօրեայ շատ գիտնականներ: Դոկտ. Սահակեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Վահագն Տատրեանի գիտական գործունէութեանցը զայն բնութագրելով որպէս իրական առասպել: Տատրեան աշխատակցած էր հետազօտութիւններու, վաւերագրերու, նոր մեթոտաբանութեան, միջազգային իրաւունքի  զոհագիտութեան, ոճրագիտութեան տեսանկիւններու մէջ: Հասարակագիտութեան, դասախօսական աշխատանքի կողքին, իր կատարած ոււսումնասիրութիւնները, Լոնտոնի, Փարիզի, Պերռնի, Պոնի եւ Վիեննայի պետական արխիւներուն մէջ կը գտնուին: Նաեւ, Տատրեան քսան տարի դասախօսութիւններ տուած է Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ,  Հոգեբանութեան, Հասարակագիտութեան Քրէագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասին, ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս պետական ոճիր: Դոկտ. Սահակեան շեշտեց թէ անգնահատելի է Տատրեանի ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ: Տատրեանի ուսման արգասիքն է այն բազմաթիւ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները, հիմնական փաստարկումերով եւ մաթեմաթիքական ճշգրիտ մտածողութեամբ որոնք նոր որակ հայթայթեցին եւ բարձրացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեանը: Իր վերջին խօսքով, Դոկտ. Սահակեան յայտնեց թէ՝ իրեն համար մեծ պատիւ է արժանանալ այս շքանշանին խոնարհելով անոր յիշատակին: Երախտագիտական խօսքերով հանդէպ Պոլսահայ Միութեան կազմակերպիչներուն՝ ան փակեց իր խօսքը:

Ժամը հասաւ մետալի տուչութեան, հրաւիրուեցան, Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Միութեան նախկին Ատենապետ ներկայ Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ, Գործադիր Յանձնախումբի քարտուղար՝ Սերժ Պուլանըքեան եւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Կարպիս Սարաֆեան, Միութեան նախկին ատենապետներէն՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան եւ ու հանդիսավարը, որպէսզի կատարեն շքանշանի տուչութիւնը:

«Վահագն Տատրեան Ուսումնական Ցեղասպանութեան Շքանշանը 2024» ձեռամբ՝  Սիմոն Աճըիլաչի յանձնուեցաւ Մէկի Մանկասարեան Կօշինին, որ իր կարգին պիտի ուղարկէ Մայր Հայրենիք՝ յաձնուելու համար Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանին:

Շնորհաւորանքներով եւ աղօթքով ու Պոլսահայ Միութեան հանդէպ գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարչական պահ, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն ուր ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

Նշենք թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment