Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն մեկնաբանած է ֆրանսայի ԱԳՆ-ի նախազգուշացումը՝ կապուած Ատրպէյճան մեկնելու հետ:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ Արտաքին գործերու նախարարութեան նախազգուշացումը Ատրպէյճան մեկնելու վերաբերեալ, որ կը վերաբերի չհիմնաւորուած պնդումներուն, թէ իբր Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի քաղաքացիներ կը ձերբակալուին եւ կը հետապնդուին։ Ֆրանսայի նման անհիմն եւ կողմնակալ որոշումն ու յայտարարութիւնը կը վկայէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները ալ աւելի սրելու այս երկրին մտադրութեան մասին»,- ըսած է Հաճիզատէն:
Ըստ անոր՝ Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ Արտաքին գործերու նախարարութեան այն պնդումները, որ Ֆրանսայի քաղաքացիները կը ձերբակալուին առանց պատճառի, որեւէ հիմք չունին, ատիկա իրականութեան խեղաթիւրում է:
«Ատրպէյճանի մէջ անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 4-ին լրտեսութեան կասկածանքով ձերբակալուած է միայն Ֆրանսայի քաղաքացի Մարթին Ռայանը։ Բացի անկէ, յայտնի է, որ Պաքուի մեթրոյին մէջ իր գործողութիւններուն համար բերման ենթարկուած է Ֆրանսայի մէկ այլ քաղաքացի՝ Թէօ Հիւկօն։ Ընդհակառակը, ակնյայտ է, որ Ֆրանսայի կողմէ ատրպէյճանցի լրագրողներու՝ Ֆրանսա եւ նոյնիսկ Շէնկէնեան գօտիի այլ երկիրներ մեկնելու խոչընդոտները լիովին կը հակասեն «մարդու իրաւունքներուն», որ Ֆրանսան կը քարոզէ։
Եւս մէկ անգամ կը պահանջենք դադրեցնել Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւը»,- նշած է ան։