Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկան Պէտք Ունի Հաւասարակշռուած Նախագահի Մը

Ամերիկան Պէտք Ունի Հաւասարակշռուած Նախագահի Մը

by MassisPost

Նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալով ու փոխ նախագահ Քամալա Հարրիս զինք փոխարինելով, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարը ենթարկուեցաւ այլափոխութեան: Յուլիս 21-ին, Պայտըն ընդառաջելով Դեմոկրատ ղեկավարութեան խնդրանքներուն յայտարարեց, որ  պիտի չշարունակէ ընտրապայքարը` Հանրապետական Տանոլտ Թրամփի դէմ ու իր աջակցութիւնը յայտնեց փոխ նախագահ Հարրիսին:

Այդ թուականէն առաջ բոլոր հարցախոյզերը կը շարժէին Թրամփի ուղղութեամբ, մանաւանդ բանավէճի ընթացքին 82 տարեկան Պայտընի ֆիզիքական ու մտային կարողութեան շուրջ ի յայտ եկած մտահոգութիւններու լոյսին տակ: Երբ Դեմոկրատները արագօրէն համախմբուեցան Քամալա Հարրիս թեկնածութեան շուրջ, պատկերը ամբողջովին շրջուեցաւ:

Ներկայիս, տարբեր հարցախոյզերու համաձայն, միջին հաշուով Հարրիս 4 տոկոսով առաջ է Թրամփէն` ժողովրդային ձայներով: Բայց Ամերիկեան ընտրական օրէնքը այնպիսին է, որ յաղթողը կը որոշուի նահանգներու ընտրական ձայներով: Նահանգներու մեծ մասին մէջ բացառձակ առաւելութիւնը կը պատկանի մէկ կամ միւս թեկնածուին: Կը մնան փոքր թիւով նահանգներ, ուր արդիւնքը անորոշ է եւ այժմ ընտրապայքարը կ’ընթանայ այդ նահանգներուն մէջ ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներուն տիրանալու համար: Այդ նահանգներուն մէջ եւս Հարրիս առաջ անցած է Թրամփէն, սակայն նուազ տարբերութեամբ: Փոխ նախագահին համար բաւարար է յաղթանակ ապահովել միայն Ուիսքանսոնի, Միշիկընի եւ Փենսիլվենայի մէջ: Թրամփի համար ճանապարհը աւելի բարդ է եւ ան պէտք ունի նաեւ մի քանի այլ նահանգներու եւս, որոնց շարքին Նեւատան, Արիզոնան եւ կամ Ճորճիան:

Քամալա Հարրիսի արագ յառաջխաղացումին կը նպաստեն անոր աւելի երիտասարդ ըլլալու հանգամանքը, իգական սեռին պատկանիլը եւ ամենէն կարեւորը` ներկայացուցած ծրագիրները, որոնք կը ձգտին բարելաւելու միջին դասակարգի կեանքը:

Միւս կողմէ, Պայտընի պատկերէն դուրս գալով 78 տարեկան Թրամփը դարձաւ Ամերիկայի պատմութեան ամենէն տարեց թեկնածուն: Անոր ներկայացուցած ծրագիրները անբաւարար են համոզելու ընտրողները, որ ան պիտի գործադրէ զանոնք, երբ ան իր պաշտօնավարման  նախորդ շրջանին չկարողացաւ իրականացնել իր նախընտրական խոստումներուն մեծ մասը` սկսած Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու ծրագիրը, որուն ծախսերը իբրեւ թէ պիտի վճարէր Մեքսիքան ինքը: Թրամփ նաեւ առաջին թեկնածուն է, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի որպէս քրէական դատապարտեալ եւ մի քանի այլ դատական գործերով ամբաստանեալ, որոնցմէ գլխաւորը կը վերաբերի 2020-ի Յունուար 6-ի յարձակումը Գափիթոլի շէնքին վրայ, երբ կը գումարուէր Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան միատեղ նիստը` հաստատելու համար Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Թրամփի առաջին շրջանը յատկանշուեցաւ նաեւ, կեղծիքներով, օրէնքներու ու սահմանադրական բազմաթիւ խախտումներով:

Ամերիկացի ժողովուրդը կ’ուզէ Սպիտակ Տան մէջ տեսնել նախագահ մը, որ իր պաշտօնի բարձրութեան գիտակցութիւնը ունի, եւ ոչ թէ մէկը, որ ինքնասիրահարուած ու բարոյապէս խոցելի անձնաւորութիւն մըն է ու իր նպատակին հասնելու համար պատրաստ է դիմելու ամէն միջոցի` ներաոեալ բռնութիւններու, որոնք  խորթ են Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական սկզբունքներուն:

Ընտրութիւններուն մնացած են նուազ քան տասը շաբաթներ եւ Ամերիկան ու ամբողջ աշխարհը կը սպասեն  արդիւնքներուն, որոնք պիտի ազդեն ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու ապագային վրայ` այլ եւ երկրագունդի տարբեր երկիրներու եւ  ազգերու ճակատագրին վրայ:

Քամալա Հարրիս նոր շունչ բերաւ ընտրապայքարին ու ոգեւորեց բոլոր անոնց, որոնք չէին ուզեր քուէարկել ո’չ Պայտընին եւ ո’չ ալ Թրամփին: Յուսանք ժողովուրդի մեծամասնութիւնը  կը կատարէ ճիշդ ընտրութիւն եւ Ամերիկան կ’ունենայ հաւասարակշռուած ու լայնախոհ նախագահ մը, որ բարձր կը պահէ Միացեալ Նահանգներու վարկն ու հեղինակութիւնը:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment