Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Մահաբեր Զէնք Չէ Մատակարարած Երեւանին Ո՛չ Ուղղակիօրէն, Ո՛չ Ալ Երրորդ Կողմերու Միջոցով․ Պաքուի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

ԱՄՆ Մահաբեր Զէնք Չէ Մատակարարած Երեւանին Ո՛չ Ուղղակիօրէն, Ո՛չ Ալ Երրորդ Կողմերու Միջոցով․ Պաքուի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները մահաբեր զէնք չէ մատակարարած Երեւանին ո՛չ ուղղակիօրէն, ո՛չ ալ երրորդ կողմերու միջոցով:

Այս մասին յայտնած են Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն՝ նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ձեռքբերումը ԱՄՆ-ի համար առաջնային նշանակութիւն ունին:

Աւելի վաղ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սեփական աղբիւրները, գրած են, թէ Արեւմուտքի երկիրները, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգները, երրորդ երկիրներու միջոցով Երեւանին մահաբեր սպառազինութիւն մատակարարած են եւ կը շարունակեն մատակարարել:

Նշուած է, թէ ֆրանսական, գերմանական եւ ամերիկեան սպառազինութեան մատակարարումները Հայաստան իրականացուած են Իրանի միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment