Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լիլիթ Մակունցը Չիքակոյի Մէջ Հայ Երիտասարդներուն Ներկայացուցած Է Իրենց Հետաքրքրող Ոլորտներուն Մէջ ՀՀ Պետական Քաղաքականութիւնը

Լիլիթ Մակունցը Չիքակոյի Մէջ Հայ Երիտասարդներուն Ներկայացուցած Է Իրենց Հետաքրքրող Ոլորտներուն Մէջ ՀՀ Պետական Քաղաքականութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցը աշխատանքային այցով (Օգոստոս 18-23) կը գտնուի Իլինոյս նահանգի Չիքակօ քաղաքին մէջ՝ մասնակցելու ԱՄՆ Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային համագումարին։

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ այցի առաջին օրը դեսպան Մակունցը Չիքակոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանի հետ միասին հանդիպած է Չիքակոյի հայ համայնքի երիտասարդներու հետ։

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, մասնաւորապէս՝ այդ ոլորտին մէջ իրականացուող երիտասարդական ծրագրերուն, Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական ուղղութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անվտանգային իրավիճակին, հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։

Դեսպանը երիտասարդներուն ներկայացուցած է իրենց հետաքրքրող ոլորտներուն վերաբերեալ ՀՀ պետական քաղաքականութիւնը, անդրադարձած է խաղաղութեան օրակարգին, «խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին, ինչպէս նաեւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան ու Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերուն։

Նոյն օրը երեկոյեան Պատուաւոր հիւպատոսին գրասենեակը կազմակերպած է ընդունելութիւն՝ ի պատիւ դեսպան Լիլիթ Մակունցի, որուն մասնակցած են Իլինոյս նահանգէն ընտրուած գոնկրէսական Ռաճա Քրիշնամուրթին, Դեմոկրատական կուսակցութեան համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած պատգամաւորներ Սարգիս Խանդանեանը, Ծովինար Վարդանեանը եւ Սոնա Ղազարեանը, Ֆրեզնոյի եւ Օհայոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսները, Չիքակոյի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի (գլխաւոր եւ պատուաւոր հիւպատոսութիւններ), հայ համայնքի եւ մասնագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ։

Միջոցառման պաշտօնական հատուածին մէջ ելոյթներով հանդէս եկած են Չիքակոյի մէջ պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանը, գոնկրէսական Ռաճա Քրիշնամուրթին, Չիքակոյի պատուաւոր հիւպատոսներու աւագ, Չիքակոյի մէջ Պելճիքայի Թագաւորութեան պատուաւոր հիւպատոս Փօլ Վան Հալթերենը, ինչպէս նաեւ դեսպան Լիլիթ Մակունցը։

Իր խօսքին մէջ դեսպանը բարձր գնահատած է ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակին գործունէութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար, անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն՝ կարեւորելով Սփիւռքի ներուժին ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment