Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ի Շրջանակներուն Մէջ Հայաստանին Առջեւ Դրուած Պարտաւորութիւնները Կը Մնան Անփոփոխ. ՌԴ ԱԳՆ

ՀԱՊԿ-ի Շրջանակներուն Մէջ Հայաստանին Առջեւ Դրուած Պարտաւորութիւնները Կը Մնան Անփոփոխ. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի առջեւ դրուած  պարտաւորութիւնները կը  մնան  անփոփոխ, հանրապետութեան համար կայունութեան այլընտրանքային երաշխաւորներ չկան՝ բացի ՀԱՊԿ-էն  եւ  Ռուսաստանէն:  Այս  մասին  ըսած  է  ՌԴ  ԱԳՆ  ԱՊՀ  երկիրներու  առաջին  բաժնի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեանը։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մասնակցութեան ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր աշխատանքներուն, ապա այժմ Երեւանի մէջ գերակշռող գիծը նման փոխգործակցութենէն հեռանալն է: Այս դիրքորոշումը, ինչպէս նկատելի է, կը հակասէ Հայաստանի ժողովուրդի շահերուն, էապէս կը թուլացնէ ազգային անվտանգութիւնը: Վերջին հաշուով ՀԱՊԿ-ին եւ Ռուսաստանին այլընտրանքներ գոյութիւն չունին՝ որպէս հանրապետութեան կայունութեան երաշխաւորներ: Կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ փոխադարձ պարտաւորութիւնները կը մնան անփոփոխ»,- յայտնած է Աղասանդեանը։

Ան յաւելած է, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ լիարժէք համագործակցութեան վերադառնալու դռները Հայաստանի համար բաց են։

«Յոյսով ենք, որ հայ գործընկերները, յաղթահարելով կասկածները, կրկին հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն շահագրգիռ համատեղ աշխատանքին՝ ելլելով բարեկամ հայ ժողովուրդին ռազմավարական շահերէն»,- ըսած է դիւանագէտը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment