Home Uncategorized Երեւանի Մէջ Իրականացուած Բողոքի Հաւաքին Համար Հայաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչած Են Պելառուսիոյ ԱԳՆ

Երեւանի Մէջ Իրականացուած Բողոքի Հաւաքին Համար Հայաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչած Են Պելառուսիոյ ԱԳՆ

by MassisPost

Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նարեկ Տիրատուրեանը հրաւիրուած է այդ երկրի Արտաքին գործերու նախարարութիւն՝ Երեւանի մէջ Պելառուսիոյ դեսպանատան շէնքին մօտ տեղի ունեցած հաւաքին հետ կապուած:

Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին յայտնած է Պելառուսիոյ ԱԳՆ խօսնակ Անաթոլի Կլազը։

«Հայ դիւանագէտը մանրամասն տեղեկացուած է Երեւանի մէջ Պելառուսիոյ դեսպանատան շէնքին դիմաց խումբ մը անձերու կողմէ իրականացուած վանտալիզմին, դեսպանատան հասցուած վնասին եւ տեղի ունեցածը կանխելու ուղղութեամբ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ակնյայտօրէն անբաւարար միջոցներ ձեռնարկելու մասին»,- ըսած է Պելառուսիոյ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը։

Յիշեցնենք, որ ռուսական շահերը անմոռաց կերպով սպասարկող Պելառուսիոյ ղեկավարը անդրադարձած էր Հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքականութեան՝ տգեղ ու իր ոճին յարիր ինքնահաւան յայտարարութիւններ ընելով:

Ըստ անոր՝ «որո՞ւն պէտք են հայերը՝ բացի Ռուսաստանէն ու Պելառուսիայէն, ի՞նչ Ֆրանսա, ի՞նչ Մաքրոն, Մաքրոնը վաղը չ’ըլլար՝ բոլորը կը մոռնան Հայաստանի մասին», կը կարծէ սեփական անձն ու երկիրը ռուսական շահերու սպասարկման զոհասեղանին դրած Լուքաշենքօն:

Խումբ մը քաղաքացիներ Հայաստանի մէջ Պելառուսիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի հաւաք իրականացուցած են: Հաւաքին մասնակիցները դեսպանատան շէնքին վրայ հաւկիթ, գետնախնձոր ու լոլիկ նետած են՝ ի նշան բողոքի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment