Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիայի պատուիրակութիւնը ակադեմիայի պետ, գնդապետ Արսէն Մանկասարեանի գլխաւորութեամբ ճանաչողական այցեր կատարած է ԱՄՆ ռազմաուսումնական հաստատութիւններ:
Պատուիրակութիւնը եղած է Ֆորտ Մուրի ԱՄՆ բանակի մարտական հմտութիւններու ուսուցման ու գերազանցութեան կեդրոնին եւ Ֆորտ Լեւենվորթի՝ ԱՄՆ բանակի հրամանատարաշտաբային քոլեճին մէջ, ծանօթացած է հաստատութիւններու ծրագրերուն, ուսումնական գործընթացի կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն եւ հետեւած է դաշտային վարժանքներուն:
Հայկական կողմը ամերիկեան գործընկերներուն հետ քննարկած է հետագայ համագործակցութեան հարցեր։
Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցով, որն ալ, իր հերթին, պիտի նպաստէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման։