Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Ատրպէյճանի ու Հայաստանի հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն կը համաձայնին կողմերը եւ ուր վերջիններս կրնան յառաջընթաց արձանագրել, յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը՝ ի պատասխան «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հարցումին՝ կապուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափի ապագային եւ անոր շուրջ ամերիկեան կողմի դիրքորոշման հետ:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրին։ Մենք պատրաստ ենք աշխատելու երկու կողմին հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն շուրջ կողմերը կրնան գալ համաձայնութեան եւ ուր կրնան յառաջընթաց արձանագրել»,- յայտնած են ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութենէն:
Պաքուէն պարբերաբար կը հնչէ Մինսքի խումբը լուծարելու պահանջ. Հայաստանէն ակնկալուող քայլերուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահը, Յուլիսի վերջաւորութեան, Սահմանադրութեան փոփոխութենէն բացի նաեւ Մինսքի խումբը համատեղ լուծարելու պահանջ դրած էր։ Պաշտօնական Երեւանն ալ օրերս յայտարարեց, որ հայկական կողմը Մինսքի գործընթացի շարունակականությեան հարցը կրնայ դիտարկել առաջին հերթին՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ծիրին մէջ: