Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ գործերը լաւ վիճակի մէջ չեն այս օրերուն: Էրտողանի յայտարարութիւններէն մինչեւ COP 29 ժողովը եւ արանքը բազմաթիւ այլ հարցեր ժխտականօրէն կ’անդրադառնան Ատրպէյճանի ու անոր բռնապետի հեղինակութեան վրայ:
Նախ եկաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կուսակցական ժողովի մը ընթացքին կատարած այն յայտարարութիւնը, որ իրենք կրնան մտնել Իսրայէլ, ինչպէս որ մուտք գործած էին Լիպիա եւ Ղարաբաղ: Խօսքը անշուշտ զինուորական միջամտութեան մասին է: Թրքական զօրքերը տարիներէ ի վեր կը գտնուին Լիպիոյ մէջ եւ կ’օժանդակեն հոն հակամարտող կողմերէն մէկուն:
Լիպիոյ կողքին յիշատակելով նաեւ Ղարաբաղը Թուրքիոյ նախագահը, ոչ միայն կը բացայայտէ իրականութիւնը, այլ նաեւ կ’ուզէ յիշեցնել Ալիեւին, որ ինք պարտական է Թուրքիոյ` եւ ո~չ թէ հակառակը: Էրտողանի այս խօսքերը յառաջացուցին Պաքուի զայրոյթը, որուն Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եկաւ ըսելու, որ Ղարաբաղի մէջ յաղթանակը կերտողը եղած է Ատրպէյճանի բանակը: Սակայն, Էրտողանի խօսքերը բաւարար էին Ալիեւը դուրս բերելու իր հունէն:
Այս սկանտալին յաջորդեց Իրանեան մամուլին մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնը, թէ Իսրայէլի կողմէ Համասի քաղաքական ղեկավարի Թեհրանի մէջ սպանութեան պատասխան տալու պատրաստուող Իրանի նոր նախագահ Պէզէշքիան քննարկած է փոխանակ Իսրայէլի դէմ յարձակում կատարելու, հարուածելու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Իսրայէլական լրտեսական կեդրոնները: Ալիեւեան ռեժիմը անհանգստացած նման հաւանականութեան մասին տեղեկութիւններէն եկաւ հերքելու իր հողերուն վրայ իսրայէլացիներու ներկայութիւնը: Սակայն, երկար ժամանակէ ի վեր բացևգաղտնիք է, որ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս Իսրայէլ ունի ռազմական կեդրոններ, որոնցմով նաեւ պայմանաւորուած է Ատրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական համագործակցութիւնը, որ նաեւ ուղղուած էր Հայաստանի դէմ` 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իսկ, երբ Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը մատակարարէր արդիական զինատեսակներ ու Հրեայ մասնագէտներ կը գործարկէին այդ զինատեսակները:
Հակառակ Պաքուի հերքումին, իսրայէլեան աղբիւրներ եկան յայտնելու, որ Իսրայէլացի զինուորականներուն թելադրուած է անմիջապէս հեռանալ Ատրպէյճանէն:
Պաքուն անհանգստութեան մատնող այս տեղեկութիւններուն վրայ եկաւ աւելնալու Politico-ի այն հրապարակումը, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կլիմայի հարցերով յառաջիկայ Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին` COP 29-ին մասնակցողներու թիւը եւ մակարդակը ակնկալուածէն շատ նուազ պիտի ըլլայ: Ասոր գլխաւոր պատճառներուն մէջ կը յիշուի Ալիեւի մենատիրական վարչակարգը եւ քառուղի արտադրութեան մէջ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, որ կը վնասէ մթնոլորտի մաքուր պահպանման: Ալիեւ մեծ յոյսեր կը կապէ այս գագաթաժողովի հետ եւ յոյս ունի, որ պիտի կարողանայ փայլուն ցուցադրել իր երկիրը: Եւրոպական շատ մը հասարակական կազմակերպութիւններ արդէն իսկ կը բողոքեն` այս ժողովի Ատրպէյճանի մէջ կայացման դէմ, մատնանշելով, որ անոր բանտերուն մէջ կը գտնուին հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներ:
Այս օրերուն նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Պաքու առ այժմ հրաժարած է «Զանգեզուրի միջանցքի» իր պահանջէն, որ կտրուկ կերպով մերժուած կը մնայ Հայաստանի կողմէ:
Ալիեւ մեծ յոյսեր կը կապէր նաեւ Ամերիկայի գալիք նախագահական ընտրութիւններուն հետ: Ան կը խորհէր, որ Տանոլտ Թրամփի Սպիտակ Տուն վերադարձով քաղաքական աւելի բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծուին իր համար: Հոս եւս Ալեւի ակնկալիքները սկսած են շոգիանալ: Նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրապայքարէն դուս գալով եւ փոխ-նախագահ Քամալա Հարրիսի թեկնածութեան շուրջ ստեղծուած դրական մթնոլորտով, Թրամփի ընտրութեան հաւանականութիւնը սկսած է մեծապէս պակսիլ:
Այսպիսով, Իլհամ Ալիեւի յոխորտանքները նուազած են այս օրերուն` զինք դնելով պաշտպանուելու հարկադրանքին տակ եւ յառաջիկայ օրերը իր համար այդքան ալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:
Գ․ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»