Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան, Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ նոր քրէական հետապնդում նախաձեռնուած է:
Կը նշուի, որ ան կ’անցնի 76 դրուագով, պետութեան 350 միլիոն տոլարի վնաս պատճառուած է։
«Փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել, որ Միքայէլ Մինասեանը տեւական ժամանակ առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւններ կատարելու, հակամրցակցային գործունէութեան, կաշառք տալու, պաշտօնական դիրքը չարաշահելու, փողերի լուացումներ իրականացնելու համար ստեղծել եւ ղեկավարել է յանցաւոր կազմակերպութիւն։ Դրանում բազմաթիւ անձինք են ընդգրկուած»,- լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան տնտեսական գործունէութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետ Սամուէլ Յակոբեանը։
Դատախազութեան տուեալներով՝ ընդհանուր առմամբ, գործով որպէս մեղադրեալ կ’անցնի 13 անձ։ Անոնցմէ են «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Վազրիկ Սեկոյեանը, «Տապըլթրի պայ Հիլթըն» հիւրանոցային համալիրի սեփականատէր Տիգրան Եղոյեանը։
Մեղադրեալներէն երեքը ձերբակալուած են։
Դատախազ Յակոբեանը նշած է նաեւ, որ, ըստ մեղադրանքին, Մինասեանը իր մտերիմ Լէոնիտ Արեւշատեանի հետ յափշտակած է պետական ռասիօընկերութեան շուրջ 600 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքը, կատարած է փողերու լուացում։ Այդ նպատակով ստեղծուած է «Միջազգային ռատիօցանց» ընկերութիւնը։
Ըստ գերատեսչութեան՝ մէկ այլ դրուագով ալ Միքայէլ Մինասեանը կազմակերպած է Սիւնիքի մարզի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի եւ անոր մերձաւորին կողմէ ԶՊՄԿ-էն շուրջ 18 միլիառ դրամի յափշտակութիւն։ Դրուագներու շարքին կը յիշատակուի նաեւ «Սփայքա» ընկերութեան բաժնետոմսերու ապօրինի ձեռքբերումը։
Դատախազը, շարունակելով ներկայացնել բոլոր դրուագները, նաեւ ընդգծած է, որ Միքայէլ Մինասեանը, ունենալով յանցաւոր ծագում ունեցող շուրջ 25 միլիոն եւրօ, այն փոխանցած է զուիցերիական դրամատան մէջ իր եւ մերձաւոր ազգականի անուամբ բացուած 3 հաշուեհամարի։
«2011 թուականին նշուած գումարներից շուրջ 5 միլիոն տոլարն ուղղուել է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան, որի արդիւնքում Մինասեանը դարձել է այդ ընկերութեան 48 տոկոս սեփականատէրը»,- ըսած է Յակոբեանը։
Դատախազութենէն յայտնած են նաեւ, որ միւս մասն ալ թաքցնելու համար մօտ 5,7 միլիոն տոլարը ուղղուած է «Եուքոմ» ընկերութեան բաժնետոմսերու ձեռքբերման՝ դառնալով 29 տոկոսի բաժնետէր։ Եւս 3 միլիառ 200 միլիոն դրամով Մինասեանը ձեռք բերած է «Երեւան մոլի» բաժնետոմսերուն 30 տոկոսը։