Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Կ’ուզէ Իշխանազաւթում Ընել, Նոյնիսկ Ահաբեկչութիւն․ Բադալեան

Ընդդիմութիւնը Կ’ուզէ Իշխանազաւթում Ընել, Նոյնիսկ Ահաբեկչութիւն․ Բադալեան

by MassisPost

Չ’արտայայտուիր միտք մը, որ մտածելու առիթ տայ։ Պարզունակ յայտարարութիւններ են հոգեւորականի կողմէ, որոնք չեն տեղաւորուիր հոգեւոր դաշտին մէջ եւ չեն տեղաւորուիր քաղաքական դաշտին մէջ։  civic.am-ի հետ զրոյցին այս մասին կը նշէ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Լուսինէ Բադալեանը՝ անդրադառնալով Բագրատ Գալստանեանի քանի մը յայտարարութիւններուն, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն վիրաւորանքներ ու սնոտիապաշտութիւն։

Բադալեանի կարծիքով` Գալստանեանի ելոյթները կը հակասեն քրիստոնէութեան գաղափարախօսութեան եւ պատուիրաններուն։ Ինչ կը վերաբերի Կիւմրիի մէջ կայացած Թաթա Սիմոնեանի համերգէն յետոյ որոշ մարդոց կողմէ երգիչին հասցէին հնչեցուցած վիրաւորանքներուն, Բադալեանը ըսաւ․ «Մարդիկ կարող են հաւանել Թաթայի կամ Սիրուշոյի երգերը ու լսեն, չպէտք է քաղաքական բնորոշում տալ նման դէպքերում։ Դա վտանգաւոր բան է։ Չի կարելի արուեստը քաղաքականացնել ու մեղադրել մարդկանց, ովքեր գնում են լսելու իրենց սիրելի արուեստագէտին»։

Բադալեանը, խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին, նշեց որ Հայաստանը դէմ չէ ինչպէս Ռուսաստանի, այնպէս ալ աշխարհի մնացեալ պետութիւններուն․ «ՀՀ-ն ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն է, որը ձեռք է բերում գործընկերներ, այստեղ ինչ-որ ողբերգութիւն տեղի չի ունենում, որից սրտնեղում է Մարիա Զախարովան։ ՌԴ-ում պէտք է ընդունեն, որ ՀՀ-ն ազատ ու ինքիշխան պետութիւն է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment