Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեքսանտր Սարգսեանն Ու Ընտանիքին Անդամները Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն. Hetq.am

Ալեքսանտր Սարգսեանն Ու Ընտանիքին Անդամները Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն. Hetq.am

by MassisPost

Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր Ալեքսանտր Սարգսեանն ու ընտանիքին անդամները Օգոստոս 13-ին հրաւիրուած են Գլխաւոր Դատախազութեան Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։ Այս մասին յայտնած է «Հետքը»։

Մասնաւորապէս՝ Դատախազութիւն հրաւիրուած են Ալեքսանտր Սարգսեանը, կինը՝ Ավրիկա Սարգսեանը, որդիները՝ Նարեկ եւ Հայկ Սարգսեանները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած Սոնա Սարգսեանը: Նշուած անձերը ծանուցուած են, որ Ալեքսանտր Սարգսեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ իրականացուած է ուսումնասիրութիւն, որու բերումով կազմուած է ամփոփագիր, ինչի հիման վրայ ընտանիքի անդամներուն անուամբ հաշուառուած գոյքը եւս կը հանդիսանայ բռնագանձման առարկայ:

Նշենք, որ այս փուլին Դատախազութիւնը տեղեկութիւններ չի փոխանցեր, թէ ինչ գոյք կամ որքան դրամ ենթակայ է բռնագանձման: Պատճառաբանութիւնը այն է, որ շահագրգիռ անձեր կրնան ներկայացնել ապացոյցներ, որով հնարաւոր է հիմնաւորուի գոյքին օրինականութիւնը, հետեւաբար բռնագանձման ենթակայ գոյքը ցանկէն դուրս գայ: Այդ իսկ պատճառով տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր՝ մինչեւ հայցադիմումով դատարան դիմելը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment