Հնդկական արտադրութեան «Akash 1S» տեսակի ՀՕՊ համակարգերը Հայաստան պիտի մատակարուին արդէն այս տարի։ Այս մասին կը հաղորդէ Հնդկաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի նորութիւնները լուսաբանող Indian Defence Research Wing կայքը՝ նշելով, որ Հայաստանը «Akash 1S» համակարգերը պատուիրած էր 2022 թուականին։
Կայքին տեղեկութիւններով՝ Երեւանը մտադիր է 15 նման համակարգ գնել։ Գործարքին արժէքը, ըստ հնդկական լրատուամիջոցին, 720 միլիոն ամերիկեան տոլար է։