Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին X-ի իր էջով անդրադարձած է Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան՝ ներքին Հանդի մէջ իրականացուցած պարեկութեան ու գրած է.
«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կը շարունակէ իր պարեկութիւնը Ատրպէյճանի հետ ռազմական շփման գիծին վրայ։ Եւրոպացի դիտորդներուն ներկայութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ այս մեկուսացուած եւ խոցելի բնակչութեան: Առաքելութիւնը ապացոյցն է այն բանին, որ անոնք մոռցուած չեն աշխարհին կողմէ»:
Դեսպանը նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է Ներքին Հանդի պարեկութենէն: