Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Կ’աջակցի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին. Շոյկու

Ռուսաստանը Կ’աջակցի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին. Շոյկու

by MassisPost

Ռուսաստանը կ’աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին.

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ։

Սերկէյ Շոյկուն ընդգծած է, որ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները յաջող ձեւով կը զարգանան տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմատեխնիկական, փոխադրութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ։

Օգոստոս 6-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ընդունած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment