Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած է Թոյվօ Քլաարի՝ Ղարաբաղի հայերուն վերաբերեալ աւելի վաղ կատարուած յայտարարութեան:
Ատրպէյճանը կը յարգէ միայն հայկական ծագում ունեցող անձերու Ղարաբաղ վերադառնալու մտադրութիւնը, որոնք կը յարգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
«Թոյվօ Քլաարը լաւ գիտէ, որ հայերը մտադիր չեն վերադառնալու, չնայած այն հանգամանքին, որ ատրպէյճանական կողմը բազմիցս հայ բնակիչներուն կոչ ըրած է մնալու իրենց տուներուն մէջ եւ վերադառնալու։ Ատրպէյճանը կը յարգէ միայն հայկական ծագում ունեցող այն անձերու Ղարաբաղ վերադառնալու մտադրութիւնը, որոնք կը յարգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»: