Յոյս ունիմ, որ թշնամութեան եւ բռնութեան էջը վերջապէս կրնայ մէկընդմիշտ շրջուիլ՝ ի շահ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան, այդ շարքին՝ Ղարաբաղի հայերուն:
Jam-news-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
«ԵՄ-ն շատ պարզ է այս հարցով, եւ այդ նաեւ իմ ակնկալիքս է, որ Ղարաբաղի հայերը մասնակցին կարգաւորման գործընթացին, եւ որ Պաքուի եւ անոնց միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ կ’ըլլան իրենց հայրենի տարածաշրջան անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի մասին: Ատրպէյճանը այս հարցով իսկապէս պարտաւորութիւն ունի, ինչ որ, ինծի կը թուի, չի հերքեր։ Նման ապագայի յարաչափերն ու պայմանները պէտք է գտնել եւ համաձայնեցնել ներառական եւ փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան միջոցով։ Բնականոնացումը ինծի համար կը նշանակէ բաց վէրքեր չունենալ, եւ, հետեւաբար, այս հարցը պէտք է ըլլայ աւելի լայն խաղաղութեան գործընթացի մաս», – ըսած է Քլաար:
Ընդ որում, ան ընդգծած է, որ երբեմն այս ծիրին մէջ կ’արծարծուին այլ հարցեր, ինչպէս, օրինակ, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» հարցը։
«Ինծի համար ասոնք բոլորովին տարբեր հարցեր են, որոնք հնարաւոր չէ խառնել», – նշած է ան:
«Նախեւառաջ Ատրպէյճանը պարտաւոր է դիւրացնել ղարաբաղցի հայերուն՝ իրենց պապենական օճախներ վերադարձը։ Երկրորդը Ատրպէյճանի այլ շրջաններու մէջ, այդ շարքին՝ Պաքուի մէջ ապրած հայերու, կամ Հայաստանի մէջ ապրած ատրպէյճանցիներու հարցն է։ Բնականաբար, անոնք պէտք է նաեւ կարենան այցելել այն վայրերը, ուր իրենք կամ իրենց ընտանիքները ապրած են, կամ նոյնիսկ վերադառնալ այդ վայրերը, եթէ այդպէս կը փափաքին: Ատիկա նոյնպէս պէտք է ըլլայ բնականոնացման արդիւնք, բայց ատիկա բոլորովին այլ հարց է՝ Ղարաբաղի հայութեան հարցէն զատ», – ըսած է ան: