Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթ Փաթել, անդրադառնալով Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ վերջիններուս ազատ արձակման հնարաւորութիւններուն, նշած է, որ որեւէ երկիր պէտք է բոլոր կալանաւորներուն վերաբերի մարդկայնօրէն, արժանապատուօրէն եւ միջազգային իրաւունքին համապատասխան։
Փաթել այս մասին խօսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ պատասխանելով հարցումին, թէ Պետական Քարտուղարութիւնը կը հետեւի՞ արդեօք Պաքուի մէջ պահուող հայ անձերու, այդ շաքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութեան անդամներուն շուրջ տիրող իրավիճակին, եւ կա՞յ որեւէ տարբերակ, որով ԱՄՆ-ն կրնայ օգնել ազատ արձակելու այդ անձերը։
Պետական Քարտուղարութեան խօսնակին տեղակալը վերահաստատած է, որ Ուաշինթընը կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ Հարաւային Կովկասի հարցերուն մէջ։
«Երբ խօսքը կը վերաբերի կալանաւորներուն, մենք յստակ եւ հետեւողական եղած ենք, որ որեւէ երկիր պէտք է բոլոր կալանաւորներուն վերաբերի մարդկայնօրէն, արժանապատուօրէն եւ միջազգային իրաւունքին համապատասխան, պէտք է յարգէ կալանաւորներուն իրաւունքները, եւ ատիկա կը շարունակէ ճիշդ ըլլալ այս պարագային եւս»,- ընդգծած է Փաթել։