Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանն Ու Պաքուն Պայմանաւորուած Են, Թէ Ուրկէ Պէտք Է Անցնին Սահմանային Գիծերը. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Օգնական

Երեւանն Ու Պաքուն Պայմանաւորուած Են, Թէ Ուրկէ Պէտք Է Անցնին Սահմանային Գիծերը. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Օգնական

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմզ Օ’պրայընը յայտնած է, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնութեան եկած են սահմաններու սահմանազատման շուրջ եւ պայմանաւորուած են, թէ ուրկէ պէտք է անցնին սահմանային գծերը։

Ճէյմզ Օ’պրայընը այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ անվտանգութեան ենթայանձնաժողովին մէջ կայացած լսումներու ընթացքինի։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան եւ ռազմավարական տարածքներու բռնագրաւման մասին հարցին՝ Օ’պրայընը, մասնաւորապէս, նշած է․ «Երկու կողմերն ալ համաձայնութեան եկած են սահմանազատման գործընթացին շուրջ։ Անոնք պայմանաւորուած են, թէ ուր պէտք է ըլլան սահմանային գիծերը։ Եւ ճիշդ էք, որ կան որոշ հատուածներ, որոնք երկու կողմերն ալ դեռ կը վերահսկեն, բայց հաւանական է, որ անոնք պիտի նահանջեն սահմաններու համաձայնեցման բերումով, եւ այս առումով յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն բարձր լեռնային շրջանները: Բայց կրկին կը շեշտեմ, որ սա գործընթաց է, որուն վրայ կ’աշխատին երկու կողմերը»։

Ան նաեւ յաւելած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ կ’ընթանան խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ սահմանազատումը։

Օ’պրայընը ծերակուտական լսումներու ժամանակ անդրադարձած է Հայաստան-ԱՄՆ, Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն։

«Հայաստանը թեմա է որուն վրայ զգալի ժամանակ կը ծախսենք։ Պետական քարտուղար Պլինքընի ու նախագահ Վոն ֆեր Լեյենի հետ հանդիպած ենք վարչապետ Փաշինեանին՝ հիմնադիրելով հարթակ՝ օգնելու Հայաստանը կարենայ սահմանափակել իր կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։ Անոնց համար հնարաւորութիւն ստեղծենք խիզախ քայլ ընելու՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, որն է՝ Ռուսաստանէն անջատումը»,- նշած է Օ’պրայըն։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment