Թրքական աղբիւրները կը յայտնեն, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներ Սերտար Քըլըչի ու Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումը։
Ըստ այդմ, անոնք պիտի հանդիպին առաւօտեան` Հայաստանի, կէսօրին ալ Թուրքիոյ տարածքին։
Աւելի ուշ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը հաստատեց, որ Յուլիս 30-ին Հայաստան-Թուրքիա սահմանին տեղի պիտի ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներու 5-րդ հանդիպումը: