Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն Մտադիր Է Աջակցիլ Երեւանին Անվտանգութեան Ոլորտի Կառավարման Բարելաւման Հարցով. ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

Ուաշինկթըն Մտադիր Է Աջակցիլ Երեւանին Անվտանգութեան Ոլորտի Կառավարման Բարելաւման Հարցով. ՀՀ-ի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու բանակի ներկայացուցիչի նշանակմամբ՝ Ուաշինկթընը մտադիր է աջակցիլ Երեւանին՝ անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցով, ինչն ալ, իր հերթին, պիտի նպաստէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման։

«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութենէն՝ յստակացնելով, որ քաղաքացիական խորհրդատուի ընտրութիւնը արդէն կատարուած է եւ այս տարի ան աշխատանքի պիտի անցնի։

«ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Համաշխարհային պաշտպանական բարեփոխումներու ծրագիրը աշխարհով մէկ կ՛աջակցի գործընկեր պետութիւններուն աւելի դիմակայուն, արդիւնաւէտ ու հաշուետու անվտանգային հաստատութիւններու ձեւաւորման հարցով՝ ապահովելով ռազմավարական մակարդակի խորհրդատուական աջակցութիւն»,- նշած է դեսպանութիւնը՝ անդրադառնալով ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Էզրա Զեյայի՝ օրեր առաջ կատարուած յայտարարութեան այն մասին, որ ամերիկեան բանակին ներկայացուցիչը պիտի աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։

Անդրադառնալով հարցումին, թէ ՀՀ ՊՆ-ին մէջ ի՞նչ գործառոյթներ վերապահուած պիտի ըլլան ԱՄՆ բանակի ներկայացուցիչին՝ դեսպանութենէն հաղորդել են. «Քաղաքացիական խորհրդատուն չի ֆինանսաւորուիր ԱՄՆ բանակին կամ Պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ. ֆինանսաւորումը կ’ապահովուի Պետական Քարտուղարութեան կողմէ եւ խորհրդատուն պիտի աջակցի Հայաստանի պաշտպանական հաստատութիւններու ամրապնդման հարցով։ Խորհրդատուն պիտի աշխատի Հայաստանի մէջ՝ կանոնաւոր աշխատանքային շփումներ ունենալով Դեսպանութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ»։

Դեսպանութիւնը նաեւ յաւելած է, որ խորհրդատուական աջակցութեան միջոցով Միացեալ Նահանգները մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ անվտանգութեան ոլորտի կառավարման բարելաւման հարցով, որն ալ իր հերթին պիտի նպաստէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման։

«Քաղաքացիական խորհրդատուի ընտրութիւնը կատարուած է եւ այս տարի աւելի ուշ ան աշխատանքի պիտի անցնի»,- եզրափակած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment