Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մենք Կանաչ Լոյս Վառեցինք, ԵՄ Խորհուրդի Որոշումները Պիտի Ամրապնդեն Գործընկերութիւնը Հայաստանի Հետ. Պորէլ

Մենք Կանաչ Լոյս Վառեցինք, ԵՄ Խորհուրդի Որոշումները Պիտի Ամրապնդեն Գործընկերութիւնը Հայաստանի Հետ. Պորէլ

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ բարձր գնահատած է Յուլիս 22-ին ԵՄ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին ընդունած որոշումը՝ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման հարցերուն շուրջ երկխօսութիւն սկսելու եւ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին կողմէ երկրին 10 միլիոն եւրօ յատկացնելու մասին։

Այս մասին Պորէլ յայտնած է մամուլի ասուլիսին։

«Եւրոմիութեան Խորհուրդը երկու կարեւոր որոշում ընդունած է, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի հետ գործընկերութեան հետագայ զարգացման: Առաջին անգամ մենք որոշած ենք 10 միլիոն եւրոյի չափով աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմի շրջանակներուն մէջ։ Աւելին՝ մենք կանաչ լոյս վառեցինք Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկին։

«Ուրախ եմ, որ մենք կրցանք Հայաստանի համար ընդունել երկու երկար սպասուած որոշումներ, որոնք պիտի ամրապնդեն մեր գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ՝ հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի մէջ լարուած իրավիճակը»,- ըսած է Պորէլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment