Եթէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու այլ առաջնորդներ տեսնեն, որ Հայաստանի 50 հազար քաղաքացիի ցանկութիւնն է երթալ դէպի ԵՄ, ապա անոնց մօտ բան պիտի փոխուի, Հայաստանը աւելի վստահելի գործընկեր պիտի համարեն, կը կարծէ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավարը: Արամ Սարգսեանը քաղաքական համախոհներու հետ Երեւանի Եւրոպայի հրապարակևն վրայ էր՝ Եւրոմիութեան համարկման օրակարգը յառաջ մղելու վճռականութեամբ:
«Իսկ դուք կարծում էք, որ եթէ Էմանուէլ Մարքրոնին զեկուցեն, որ 50 հազար մարդ ստորագրել է ԵՄ անդամ դառնալու համար, դրանից բան չի փոխու՞ի: Ես համոզուած եմ, որ դրանից վստահութիւնը հայ ժողովրդի հանդէպ եւ Հայաստանի հանդէպ կը փոխուի, որովհետեւ այդ իշխանութիւնները կը սկսեն մտածել՝ անկախ նրանից՝ այնտեղ իշխանութիւնը Նիկոլ Փաշինեանն է, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ն է, թէ այլ ուժ կու գայ, ժողովուրդը դէպի Եւրոպա է ուղղուած», – յայտնեց Սարգսեանը:
Դէպի Եւրոմիութիւն երթալու ցանկութեան մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մօտ տասը ամիս առաջ բարձրաձայնած է, որ Հայաստանը պատրաստ է աւելի մօտ ըլլալու ԵՄ-ին, այնքան, ինչքան Եւրոմիութիւնը այդ հնարաւոր կը համարէ: Ամիսներ անց, սակայն, վարչապետ Փաշինեան ընդունեց՝ այդ հարցին պատասխանը չէ ստացած:
«Եւրոմիութիւնը ուզու՞մ է դա, թ՞է չի ուզում, Եւրոմիութիւնը ինչքանո՞վ է պատրաստ. այդ հարցի պատասխանը ես կարո՞ղ եմ տալ այսօր՝ ոչ, չեմ կարող տալ», – յայտնեց երկրին ղեկավարը:
Եթէ Եւրոմիութիւնը իսկապէս անդամակցութեան պատուհան բացած Է Հայաստանի համար, այդ պարագային ինչո՞ւ երկրին վարչապետը նման բան կը յայտարարէ, արդեօք սա հակառակի մասին չի՞ վկայեր, որ կառոյցի անդամ երկիրները այդպիսի համաձայնութիւն չունին: Նաեւ այդ պատճառով է, որ իշխանութիւնը ընթացք չտուաւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով երեք ամսուան մէջ հանրաքուէ կայացնելու իրենց առաջարկին: Աւելին՝ այդ թեմայով խորհրդարանական լսումներէն յետոյ Ազգային Ժողովի Եւրոհամարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեանը տեղեկացուց՝ իշխանութիւնը լրջօրէն կը քննարկէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացել-չներկայացնելու հարցը, բայց որոշում դեռ չկայ:
Արամ Սարգսեանը, միեւնոյնն է, չի համարեր, որ այդ հարցով եռամսեայ ժամկէտի մէջ հանրաքուէ կայացնելու առաջարկը մերժուած է: