ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր Հայաստան կատարած երկօրեայ այցը ամփոփող տեսանիւթ տարածած է:
Ան մատնանշած է այն ոլորտները, որոնց մէջ օրէ-օր աւելի ու աւելի կը զարգանան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները։
«Ինչու այցելած էի Հայաստան նախորդ շաբաթ» վերնագրով տեսանիւթին մէջ, ան շեշտած է, որ 2 օրուան մէջ հանդիպած է տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներու՝ գործարարներու, երիտասարդներու, լրագրողներու, Կառավարութեան պաշտօնեաներու հետ՝ ներառեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Հայերոը հետ խօսելով` շատ պարզ կը դառնահ, որ այս պահին ուշադրութիւնը կեդրոնացուած է դիմակայունութեան ձեւաւորման վրայ․ դիմակայունութեան ձեւաւորում պարէնային անվտանգութեան ոլորտին մէջ, դիմակայունութեան ձեւաւորում, երբ խօսքը կը վերաբերի կլիմայական ցնցումներուն, եւ, ի հարկէ, դիմակայունութիւն ուժանիւթի ոլորտին մէջ, որպէսզի երկիրը ուժանիւթի ստանայ աւելի բազմազանեցուած մատակարարներէ: ԱՄՆ ՄԶԳ-ի համար իսկապէս պատիւ է աջակցիլ այս ոլորտներէն իւրաքանչիւրին ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն: Բայց մենք նաեւ կը գիտակցինք, որ կը փափաքինք յարաբերութիւնները օգնութենէն տեղափոխել առեւտուրի դաշտ: Եւ այդ պատճառով, մենք ըրած ենք շարք մը նոր յայտարարութիւններ՝ ներառեալ պետութիւն-մասնաւոր հատուածի նոր համագործակցութիւնը, որ ժամանակակից եւ ամուր գործընկերութեան օրինակ է եւ որ օրէ-օր աւելի կ’ամրապնդուի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ»,- ըսած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավարը: