Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շարլ Միշէլ Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Ու Ալիեւի Հետ

Շարլ Միշէլ Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Ու Ալիեւի Հետ

by MassisPost

«Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ առանձին-առանձին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։

«Առանձին, բայց լաւ հանդիպումներ էին»,- «Ազատութեան» ըսած է բանակցութիւններուն մօտ կանգնած դիւանագէտներէն մէկը։

Յիշեցնենք՝ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Լոնտոնի մէջ մասնակցած են Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովին։

Յայտնի է նաեւ, որ հայկական կողմը առաջարկած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին երկկողմ հանդիպում ունենալ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ, սակայն ատրպէյճանական կողմը մերժած է առաջարկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment