Եւրոմիութիւնը կը տեսնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկկողմանի փոխգործակցութեան հնարաւորութիւն։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ այս մասին յայտնած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը:
«Վերջին ամիսներուն տեսած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկկողմ շփումներու հնարաւորութիւնը: Գիտէք, ես փորձեցի ընել հնարաւորը ԵՄ-ի անունով՝ հեշտացնելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը»,- ըսած է ան։
Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ քաղաքի Պլենհայմ պալատին մէջ մեկնարկած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի (EPC) 4-րդ գագաթաժողովը։ Մօտ 47 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ հրաւիրուած են մասնակցելու այդ հանդիպման:
ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեանը եւս Միացեալ Թագաւորութիւն մեկնած է եւ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովին: