Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանի Գործը Քննած Դատաւորին Լիազօրութիւնները Դադրեցուած Են

Ռոպերթ Քոչարեանի Գործը Քննած Դատաւորին Լիազօրութիւնները Դադրեցուած Են

by MassisPost

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը (ԲԴԽ) միաձայն որոշեց դադրեցնել երկրորդ նախագահ Ռոպերփ Քոչարեանի գործը քննած դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի լիազօրութիւնները:

Քննելով Արդարադատութեան նախարարութեան յարուցած կարգապահական վարոյթը՝ Կարէն Անդրէասեանի ղեկավարած կառոյցը որոշեց, որ դատաւորը էական կարգապահական խախտում թոյլ տուած է, որուն հետեւանքով պաշտօնաթող նախագահին վերաբերեալ քրէական գործերը արդիւնաւէտ չեն քննուած եւ Քոչարեանը ազատած է պատասխանատուութենէն:

«Դատաւոր Դանիբեկեանը պարտաւոր էր գիտակցել, որ արդարադատութիւն է իրականացնում Հայաստանի Հանրապետութեան դատաիրաւական կիրառութեան պատմութեան ամենակարեւոր գործերից մէկով եւ պէտք է արդիւնաւէտ կազմակերպէր ու ողջամիտ ժամկէտում իրականացնէր արդարադատութիւն»,- նշեց Անդրէասեան:

4 տարի 4 ամիս տեւած դատավարութիւնը, ըստ Խորհուրդին, այդքան չէր ձգձգուեր, եթէ դատաւորը թոյլ չտար պաշտպանական կողմին իրաւունքի չարաշահմամբ միատեսակ միջնորդութիւններ ներկայացնել: Բացի անկէ, չէ առանձնացուցած Ռոպերթ Քոչարեանին առնչուող երկու՝ սահմանադրական կարգի տապալման եւ կաշառք ստանալու գործերը:

«Դատաւոր Դանիբեկեանը նպաստել է Ռոբերտ Քոչարեանի գործով օրէնքով սահմանուած վաղեմութեան ժամկէտի լրանալուն եւ նրա նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադարեցնելուն»,- յայտնեց ԲԴԽ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment