«Հիւսիսային Տերեւաթափ» անունով ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան քրէական գործին նախաքննութիւնը աւարտած է, հաղորդած է Քննչական Կոմիտէն։
2023-ի Նոյեմբերի 1-ին ենթադրեալ յանցաւոր խումբի հինգ անդամները ձերբակալուած եւ կալանաւորուած են։ Անոնց անունները Քննչականը չի նշեր՝ միայն կը փոխանցէ, որ հինգ մեղադրեալներու մասը անջատուած է քրէական վարոյթէն եւ վերջիններուս վերաբերեալ վարոյթի նիւթերը, մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած են դատախազին:
2023-ի Նոյեմբերին ԱԱԾ-ն ձայնագրութիւն հրապարակած էր, պնդած, որ ձայնը փոխած տղամարդիկ կը քննարկեն պայթուցիկը ինքնաշարժի տակ յարմարեցնելու հնարաւորութիւնը: Անոնք, ըստ իրաւապահներու, 2023 թուականին մտադիր էին կազմալուծել իշխանութեան գործունէութիւնը՝ նախապատրաստելով պայթում եւ հանրութեան համար վտանգաւոր արարք։
Կոմիտէն որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է՝ նշելով, որ խումբ մը անձեր 2023 թուականի Մայիսին նպատակադրուած են իրականացնել անձի առողջութեան վնաս պատճառելու, կեանքէն զրկելու, մեծ չափերու գոյքային վնաս պատճառելու եւ այլ ծանր հետեւանքներ յառաջացնելու վտանգով զուգորդուած պայթումներ, հանրավտանգ այլ արարքներ, զաւթել եւ պահել շինութիւններ, հաղորդակցութեան միջոցներ, այդ կերպ ահաբեկել բնակչութիւնը, անոր առանձին խումբերը, կազմալուծել հանրային իշխանութեան մարմիններու գործունէութիւնը, հանրային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, պետական եւ հանրային ծառայողներուն հարկադրել կատարել իրենց պահանջները, այդ շարքին՝ դադրեցնել լիազօրութիւններուն հետագայ իրականացումը:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ խումբին անդամները, իրենց մտադրութիւնը իրագործելու նպատակով փնտռած են առաւելապէս զինուորական ծառայութիւն անցած համախոհներ, ինչպէս նաեւ՝ պայթուցիկ սարքեր, նիւթեր պատրաստելու համար գիտելիքներ ունեցող անձեր, ծրագրաւորած են ստեղծել խումբեր՝ տարբեր շինութիւններու, կառոյցներու վրայ յարձակելու համար: Որոշուած է հանրավտանգ գործողութիւնները քանի մը վայրերու մէջ կատարել միաժամանակ: Անոնք նաեւ ձեռք բերած են զինուորական համազգեստ, հանդերձանք, կապի միջոցներ, տեսողական նշանոց, որսորդական դանակներ եւ ձեռնաշղթաներ, մշակուած եւ գրի առնուած է «Հիւսիսային Տերեւաթափ» վերտառութեամբ հանրավտանգ գործողութիւններու հակիրճ ծրագիր, որ յայտնաբերուած է խումբի անդամներէն մէկուն հագուստին գրպանին մէջ:
Քննչականը նաեւ կը նշէ, որ յիշեալ անձեր ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու համար 2023-ի ամռան հանդիպելով տակաւին անձը չպարզուած օտարերկրեայ քաղաքացիի հետ՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են վերջինէն հրազէնի եւ ռազմամթերքի որոշակի խմբաքանակ ձեռք բերելու շուրջ:
«Յանցաւոր խումբը, իր կամքից անկախ հանգամանքներով, չի կարողացել իրագործել իր յանցաւոր մտադրութիւնը, քանի որ բացայայտուել է ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցների կողմից»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։