Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Աշոտեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուած Է Եւս Երեք Ամիսով

Արմէն Աշոտեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուած Է Եւս Երեք Ամիսով

by MassisPost

Արմէն Աշոտեանի կալանքը եւս երեք ամիս ժամկէտով երկարաձգուած է: Դատարանը մերժած է խափանման միջոցի փոփոխութեան միջնորդութիւնները:

Ըստ իրաւապահներուն՝ Աշոտեան կազմակերպած է «Երեւանի Մխիթար Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան» արհեստակցական կազմակերպութեան անդամավճարներէն հաւաքուած եւ այդ կազմակերպութեան փոխանցման ենթակայ աւելի քան 185,5 միլիոն դրամի յափշտակութիւնը: Տարբեր յանցաւոր արարքներու հետեւանքով «Երեւանի Մխիթար Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին պատճառուած է առանձնապէս մեծ չափերով՝ ընդհանուր 38.658.200 դրամի գոյքային վնաս:

Ի յաւելում հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ՀՀ Քննչական Կոմիտէն Աշոտեանի մասնակցութեամբ ձայնագրութիւն հրապարակած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment