Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութեան Լրտես Դարձած Սարգիս Գալստեանը Գործած Է Ծածկանունով. Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութեան Լրտես Դարձած Սարգիս Գալստեանը Գործած Է Ծածկանունով. Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Աւարտած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւններու կողմէ հաւաքագրուելու եւ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ յանձնելու՝ լրտեսութիւն կատարելու առերեւոյթ դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը։

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան քննիչներու կողմէ ՀՀ ԱԱԾ համապատասխան ստորաբաժանումներու հետ գործուն եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ այլ վարութային գործողութիւններու ծիրին մէջ ձեռք բերուած փաստական տուեալներով հիմնաւորուած է, որ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ Սարգիս Գալստեանը, 2018-2023թթ. Արցախի մէջ զբաղեցնելով տարբեր՝ մասնաւորապէս՝ Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալի, Ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնամարզի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի, ապա` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնները եւ տեղեկացուած ըլլալով Արցախի մէջ տիրող ռազմական իրադրութեան եւ բնակչութեան ընկերա-հոգեբանական վիճակին մասին, 2020 թուականի Նոյեմբերին կապ հաստատած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան աշխատակից հանդիսացող անձի հետ։ Վերջինիս կողմէ ստանալով լրտեսութիւն կատարելու յանձնարարութիւն՝ Սարգիս Գալստեանը համաձայնած է անոր՝ այդ կերպ հաւաքագրուելով օտարերկրեայ պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան աշխատակիցի կողմէ, որմէ յետոյ ստացած է «Սարխան» ծածկանունը։

«Այնուհետեւ Սարգիս Գալստյեանն օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութեան յիշեալ աշխատակցի առաջադրանքով, 2020-2023 թուականների ընթացքում հաւաքել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեանը, տարածքային անձեռնմխելիութեանը եւ արտաքին անվտանգութեանն ի վնաս օգտագործելու համար Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութեան աշխատակցին է յանձնել Արցախում գտնուող բնակչութեան, նրանց տրամադրութիւնների, Արցախի հարցի կապակցութեամբ ՀՀ եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչների դիրքորոշումների, 2023թ. Սեպտեմբերի իրադարձութիւնների ժամանակ ՀՀ-ի կողմից հնարաւոր ռազմական աջակցութեան, բնակչութեան կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ սննդի եւ այլ նիւթական միջոցների առկայութեան, զինուածութեան, զինուած յարձակման դէպքում հնարաւոր դիմադրութեան վերաբերեալ եւ նման բնոյթի այլ տեղեկութիւններ՝ այդպիսով կատարելով լրտեսութիւն:

«2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախից հայ ազգաբնակչութեան հեռանալուց յետոյ Սարգիս Գալստեանը, օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութեան վերը նշուած աշխատակցի կողմից ստանալով պաշտօնի առաջարկ Ստեփանակերտում, պաշտօն զբաղեցնելու շահագրգռուածութեամբ, կնոջ հետ միասին մնացել է Ստեփանակերտ քաղաքում, որտեղ վերջիններս շարունակել են իրենց յանցաւոր գործունէութիւնը՝ հայ ազգաբնակչութեան վերաբերեալ իրենց հասանելի եղած այլ տեղեկութիւնները եւս փոխանցելով օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութիւններին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք տեղափոխուելուց անմիջապէս յետոյ վերջինս ձերբակալուել է։ Ձեռք բերուած բաւարար փաստերի հիման վրայ Սարգիս Գալստեանին մեղադրանք է ներկայացուել՝ ՀՀ Քրէական Օրէնսգրքի 424-րդ յօդուածի 1-ին մասով (Լրտեսութիւնը)։ Նրա նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել կալանքը։

«Քրէական վարոյթից Սարգիս Գալստեանի վերաբերեալ մասն անջատուել եւ, մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուել է հսկող դատախազին՝ հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու համար»,- կ’ըսուի ՔԿ հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած Սարգիս Գալստեանը 2024 թուականի Ապրիլին լրտեսությեան մեղադրանքով կալանաւորուած է։

Ինչպէս յայտնի է, ան եւ կինը Հայաստան տեղափոխուած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment