Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կը Վերահաստատէ Աջակցութիւնը ՀՀ Ինքնիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան. Սամանթա Փաուըր Ժամանած Է Երեւան

ԱՄՆ Կը Վերահաստատէ Աջակցութիւնը ՀՀ Ինքնիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան. Սամանթա Փաուըր Ժամանած Է Երեւան

by MassisPost

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր ժամանած է Երեւան:

Գործակալութեան հայաստանեան առաքելութիւնը յայտնած է, որ այցի ընթացքին ան պիտի հանդիպի պետական պաշտօնեաներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, լրատուամիջոցներու եւ գործարար ոլորտի առաջնորդներու հետ:

«Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ իր հաստատակամ աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան, տնտեսական դիմակայունութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,- կ’ըսուի Առաքելութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment