Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ժոզեփ Պորելի հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ իրական կայունութեամբ շահագրգռուած գործընկերներու արժէքահեն մօտեցումների նշանակութիւնը:
Միրզոյեանն ու Պորելը միտքեր փոխանակած են միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ: Ընդգծուած է ուժի կիրառման միջոցով խնդիրներու կարգաւորման գործելակերպի համընդհանուր բացասական հետեւանքները եւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու յարգման անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք քննարկած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան օրակարգային հարցեր, յարաբերութիւններու էական խորացման միտուած քայլերն ու դրական հեռանկարները: Ընդգծուած է առկայ մեխանիզմներու արդիւնաւէտ կիրառման միջոցով ՀՀ դիմակայունութեան ամրապնդման, մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի կարեւորութիւնը:
Տուպրովնիքի հաամգումարի մեկնարկի պաշտօնական ընդունելութեան համար Խրուաթիա գտնուող արտաքին գործերու նախարարը Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահին հետ անդրադարձած էր ՀՀ-ԵՄ օրակարգին եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն։