Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպառազինուած Բանակ Ունենալը Որեւէ Երկրի Իրաւունքն Է. ԵԽ Պատգամաւորներուն Յայտարարութիւնը՝ Կապուած Հայաստանի Հետ

Սպառազինուած Բանակ Ունենալը Որեւէ Երկրի Իրաւունքն Է. ԵԽ Պատգամաւորներուն Յայտարարութիւնը՝ Կապուած Հայաստանի Հետ

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանի խմբակցութիւններէն խումբ մը պատգամաւորներ հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ ի պատասխան հայ-ֆրանսական ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի քննադատութիւններուն, բացասական արձագանգին եւ սպառնալիքներուն։

Պատգամաւորները իրենց յայտարարութեամբ շեշտադրած են, որ մարտունակ եւ ժամանակակից զինուորական սարքերով սպառազինուած բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է։

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները նշած են, որ «Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերուն կողմէ Հայաստանի հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները, թէ վերջինը Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւն կը հրահրէ, եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է դաւադրութիւն, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին յանգեցուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 140 հազար հայերու ցեղային զտման»։

Եւրոխորհրդարանականները զարմանք յայտնած են, որ մենատիրական եւ նախայարձակ երկիրները, ինչպիսիք են՝ Ատրպէյճանը եւ Ռուսաստանը, կը դատապարտեն ԵՄ անդամ երկիր Ֆրանսան՝ ձգտելով օգտագործել առկայ տարաձայնութիւնները, հակասութիւնները երկիրներուն ներսը կամ երկիրներուն միջեւ՝ որպէս սեփական պատեհապաշտ նպատակներուն հասնելու գործիք:

«Սա որեւէ կերպ չի կրնար ընդունելի ըլլալ Եւրոմիութեան կողմէ, եւ վաղուց ժամանակն է պատժամիջոցներ կիրառել բռնապետական Ալիեւի վարչակարգին դէմ՝ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը խաթարող անոր ապակառուցողական գործողութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի եւ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ կոչ կ’ընենք Եւրոպական Յանձնաժողովին եւ ԱԳԵԾ-ին անյապաղ արձագանգելու այս իրավիճակին»,- ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment