Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանը Իրանի Ազնիւ Հարեւանն Է, Եւ Մեր Քաղաքականութիւնը Երբեք Պիտի Չփոխուի՝ Անկախ Իշխանութեան Փոփոխութենէն». ՀՀ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան

«Հայաստանը Իրանի Ազնիւ Հարեւանն Է, Եւ Մեր Քաղաքականութիւնը Երբեք Պիտի Չփոխուի՝ Անկախ Իշխանութեան Փոփոխութենէն». ՀՀ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին վստահ է, որ Իրանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի նպաստեն Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման։ Այս մասին ան լրագրողներուն ըսած է դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութեան մէջ քուէարկութենէն յետոյ։ Դիւանագէտը յայտնած է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ սկզբունքային է։ Որ որ կու գայ Իրանի մէջ իշխանութեան, պիտի գործէ այս սկզբունքային քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ։ Հայաստանի նկատմամբ Իրանի մօտեցումները բարձրաձայնած է Գերագոյն առաջնորդը, այդ շարքին՝ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպման ընթացքին։

«Մենք կը յարգենք տարածքային ամբողջականութիւնը եւ դէմ ենք միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութեան ու որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան: Այդ քաղաքականութիւնը երբեք պիտի չփոխուի՝ անկախ Իրանի եւ Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու փոփոխութենէն»,- յաւելած է Սոպհանին։

Ան Հայաստանը անուանած է լաւ եւ ազնիւ հարեւան՝ նշելով, որ երկու երկիրներուն անվտանգութիւնն ու շահերը սերտօրէն կապուած են։ Սոպհանին նաեւ կը կարծէ, որ Հայաստանը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի մէջ ընտրական գործընթացին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment