Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ընկերային Խրախճանքի Մը Ընթացքին Ի Նպաստ «Մասիս» Շաբաթաթերթին Ապահովուեցաւ 50 Հազար Տոլար

Ընկերային Խրախճանքի Մը Ընթացքին Ի Նպաստ «Մասիս» Շաբաթաթերթին Ապահովուեցաւ 50 Հազար Տոլար

by MassisPost

Լոս Անճելոսի արուարձաններէն Վելիի շրջանին մէջ, իր գործունէութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքներուն շնորհիւ ուշագրաւ դարձած է ՍԴՀԿ Սապահ-Գիւլ մասնաճիւղը: Այս կազմակերպութեան օգտաշատ գործունէութեան ծիրէն ներս աւանդական դարձած են նաեւ տարեկան ընկերա-ընտանեկան միջոցառումները:

Արդարեւ, անցեալ Շաբաթ, Յունիսի 22-ին, 2024, երեկոյեան ժամը 8-ին ընտրանի հոծ բազմութիւն մը փութացած էր Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի հանդիսասրահը, որ բարեզարդ վիճակով տօնական կերպարանք ստացած էր: Տարբեր շրջաններէն ժամանած ներկայ հասարակութեան մէջ կը տեսնուէին ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տօքթ. Համբիկ ՍարաՖեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու տարբեր ենթակառոյցներու ներկայացուցիչներ, «Մասիս»ի համակիրներ ու բարեկամներու ընտրանի բազմութիւն մը, շուրջ 170 հոգի:

Սոյն միջոցառումի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ հանդիսավարուհի Քնար Պօղարեանը, որ պարզելէ ետք օրուան նպատակը ընթացք տուաւ յայտագրին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի  խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն միջոցառումը նախաձեռնող կառոյցին եւ ապա սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ օրկանի աւելի քան չորս տասնամեակներու գաղափարանուէր եւ ազգօգուտ ծառայութիւններուն: Առանձնապէս յիշատակեց «Մասիս»ի նախորդ խմբագիրները` Տօքթ. Յարութիւն Սաղրեանը, Ժան Աբոյեանը եւ Տօքթ. Արշակ Գազանճեանը, որոնք շարունակական յառաջընթաց արձանագրեցին թերթի տպագիր եւ առցանց լուրերով ու Massis Post երկլեզու բաժինով: Այո «Մասիս» ամենուրէք փնտռուած թերթ մըն է, որ իր դիպուկ մեկնաբանութիւններով եւ ուրոյն գաղափարախօսութեամբ, Հայաստանը կը կապէ սփիւռքի գաղթօճախներուն եւ կը ներկայացնէ իրականութիւնը այս բոլոր իրադարձութիւններու մասին, որոնք այսօր տեղի կ’ունենան Մայր Հայրենիքէն ներս:

Այս առթիւ Գրիգոր Խոտանեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց  «Մասիս»ի խմբագրական կազմին, պաշտօնէութեան եւ բոլոր անոնց որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին օրկանին:

Օրուան պատուոյ հիւր ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տօքթ. Համբիկ ՍարաՖեան, հակիրճ ելոյթ մը ունենալով, իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ընկերային խրարխճանքի յաջող միջոցառումին ներկայ ըլլալուն համար: Ինք Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն նոր վերադարձած ըլլալով, յայտնեց որ «Մասիս» թերթը լայն արձագանգ գտած է ամենուրէք թէ Հայրենիքի եւ թէ  արտասահմանի մէջ իր դաւանած գաղափարախօսութեան եւ հետաքրքրական բովանդակութեան համար: Այնուհետեւ յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց 44-ամեայ օրկանի հայրենանուէր ծառայութիւններուն:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք ընկերային ուրախ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտն իր կիզակէտին հասաւ տաղանդաւոր ու սիրուած երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի եւ ստեղնաշար նուագիչ Արամ Լէփէճեանի, հայկական ու միջազգային երգերու գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով:

Յայտագրին մէջ ընդգրկուած զուարթախօսուեանց բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդան Գօճապապեան եւ Յարութ Տէր Դաւիթեան, որոնք մթնոլորտին տուին տարբեր երանգ:

Նուիրատուութիւններէն եւ այլ հասոյթներէն «Մասիս» շաբաթաթերթին համար ապահովուեցաւ 50 հազար տոլար:

Տօնական բարձր տրամադրութեամբ, մինչեւ կէս գիշեր, ներկաները ըմբոշխնեցին երգ ու պարով, հաճելի երեկոյի մը առթած յիշատակելի պահերը:

Գովելի երեկոյ մըն էր, որուն համար կ’արժէ շնորհաւորել կազմակերպիչները: Վարձքերնիդ կատար:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment