Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԽԽՎ-ն Բարձր Գնահատած Է Հայաստանի Մէջ Ոստիկանութեան Ոլորտի Բարեփոխումներուն Գործընթացը

ԵԽԽՎ-ն Բարձր Գնահատած Է Հայաստանի Մէջ Ոստիկանութեան Ոլորտի Բարեփոխումներուն Գործընթացը

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը քուէարկութեամբ ընդունած է «Հայաստանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու կատարման մասին» բանաձեւը։

ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութենէն յայտնած են, որ Վեհաժողովը բարձր գնահատած է ժողովրդավարական զարգացման ուղղուած Հայաստանի շարունակական յանձնառութիւնը։

Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, որ, չնայած անվտանգային մարտահրաւէրներուն եւ բարդ միջազգային միջավայրին, Հայաստանը կը շարունակէ բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը։

Վեհաժողովը բարձր գնահատած է նաեւ համակարգային փտածութեան դէմ պայքարելու հարցով իշխանութիւններուն ցուցաբերած վճռականութիւնը, ինչի վկայումն են նաեւ ոստիկանութեան ոլորտի բարեփոխումները։

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Վեհաժողղովը հետեւողական պիտի ըլլայ Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող գործողութիւններու 2023-2026 թուականներու ծրագրէն բխող համագործակցութեան նկատմամբ, որու շրջանակին մէջ կը կարեւորուին նաեւ արդարադատութեան համակարգին բարեփոխումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment