Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պատրաստ Է Աջակցելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Գործընթացին. Օ’պրայընը՝ Ալիեւին

ԱՄՆ Պատրաստ Է Աջակցելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Գործընթացին. Օ’պրայընը՝ Ալիեւին

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմզ Օ’պրայընը Պաքուի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման Ուաշինկթընի յանձնառութեան մասին. «միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցել խաղաղութեան գործընթացին»:

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է ամերիկա-ատրպէյճանական համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ արտայայտուած է ռազմավարական մակարդակով երկկողմ կապերու հետագայ զարգացման օգտին։ Այս առումով կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային համագործակցութիւնը եւ  անդրկասպեան միջազգային փոխադրութեան երթուղիի (Միջին միջանցք) գործարկումը։

Ալիեւը յաւելած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցին ընըթացքին քննարկուած է երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակ։

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է նաեւ Ատրպէյճանի «կարեւոր դերը» Եւրոպային ուժանիւթային միչոցներով ապահովելու գործին մէջ։ Օ’պրայըն ընդգծած է, որ ԱՄՆ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ COP-29 կլիմայական գագաթաժողովի նախապատրաստման եւ կայացման հարցին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին Ատրպէյճանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment