Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House-ի Զեկոյցները Եւս Կարեւոր Ազդակ Կը Հաղորդեն Կառավարութեան՝ Բարեկարգումները Յառաջ Մղելու Գործին Մէջ. Փաշինեանը՝ Մարք Պեհրենտթին

Freedom House-ի Զեկոյցները Եւս Կարեւոր Ազդակ Կը Հաղորդեն Կառավարութեան՝ Բարեկարգումները Յառաջ Մղելու Գործին Մէջ. Փաշինեանը՝ Մարք Պեհրենտթին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ծրագրերու տնօրէն Մարք Պեհրենտթը:

Վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Freedom House-ի զեկոյցները եւս կարեւոր ազդակ կը հաղորդեն կառավարութեան՝ բարեկարգումները յառաջ մղելու գործին մէջ:

Վարչապետը շեշտած է, որ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացումն ու բարեփոխումներու օրակարգը կառավարութեան համար ռազմավարութիւն են:

Զրուցակիցները քննարկած են փտածութեան դէմ պայքարի, խօսքի ազատութեան, դատական համակարգի անկախութեան ապահովման եւ այլ ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումներուն, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment